Новости - Объявления - Обновления

Իրաքի ազգային փոքրամասնությունների իրավունքների պաշտպանության կոմիտեի նախագահ, Քրդագիտության ինստիտուտի տնօրեն Դօքթ. Ջուադ Ք. Էլ-Բէյդանի հոդվածը՝ նվիրված Իրաքի հայ համայնքի պատմությանը և նրա՝ Հայաստան այցելությանը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՎ ԴԷՊՔԵՐ

Դօքթ. Ջուադ Ք. Էլ-Բէյդանի[1]

Էլ-Բէյընը Էլ-Ջդիդը օրաթերթ, Պաղտատ, Իրաք

Հայերու երկիր, երբեմն ալ Հայք, իսկ ըստ Մովսէս Խորենացիին՝ Նոյ նահապետի ժառանգ հանդիսացող՝ Յաբէթէն սերած ժողովուրդ: Ուրիշ պատմաբաններ կը գտնեն որ «հայ» անունը աղերս ունի «հաթի» հիթիթներու հետ: Իսկ ըստ իրաքցի պատմաբաններու և ուսումնասիրողներու աշխատութիւններուն, ասորական կաւէ սալիկներու վրայի արձանագրութիւններու համաձայն՝ Հայաստանը կը ներկայացուի որպէս Արտ-Ուրատու, իսկ ըստ Բաբելական սեպագիր արձանագրութիւններու՝ Հայաստանը կը կոչուի Ուրաշտու:

 

Այս նախաբանով կը սկսի դօքթոր Ջուադ Էլ-Բէյդանին իր յօդուածաշարքի առաջին մասը՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան ընդհանրապէս, և Իրաքի հայ համայնքի մասին մասնաւորապէս:  

 

Համաձայն իրաքցի մատենագիրներու, յօդուածագիրը մասնաւորապէս կ'առանձնացնէ 9-րդ դարու (3-րդ հիջրէթ) Էլ-Եա'կուբիի ներկայացուցած տեղեկութիւնները Հայաստանի վերաբերեալ: Էլ-Բէյդանիին այս մատենագիրի հետաքրքրութիւնը կը բացատրէ այն իրողութեամբ, որ Եա'կուբին իր աշխատանքի բերումով երկար ժամանակ անցուցած է Հայաստանի մէջ: Այնուամենայնիւ, կարեւորը այն է, որ արաբական սկզբնաղբիւրները Հայաստանի տարածքը կը նշեն որպէս 300 հազար քառակուսի քիլոմեթր: Էլ-Բէյդանին կը շեշտէ նաեւ, որ ներկայ Հայաստանի տարածքը մէկ տասերրորդն կամ մէկ տասներկուերրորդն է իր պատմական հայրենիքի տարածքին: Ան նոյնիսկ մեր երկիրի տարածքը կը սահմանէ «....Սեւ Ծովի հարաւ-արեւելեան շրջաններէն մինչեւ Կասպից Ծովի հարաւային ափերը և Կովկասէն մինչեւ Ադրբէջանի դարաւանդն ու Իրաքի ներկայ սահմանները, ներառեալ ներկայ Անատօլիայի դարաւանդի մեծագոյն մասը»: Իսկ Էլ-Ըստըխռին իր ժամանակակից իսլամ աշխարհագիրներէն աւելի ծաւալուն տարածք կը յատկացնէ Հայաստանին:

Անդրադառնալով Էլ-Բելազուռիի՝ «Ֆըթուհ Էլ-Բուլդան» (Երկիրներու Նուաճումը) աշխատութեան, Էլ-Բէյդանին կը յիշէ արաբներու և հայերու միջեւ կնքուած դաշնագիրը, որու համաձայն հայ կառավարիչներուն իրաւունք կը տրուէր ազատօրէն ղեկավարելու իրենց տիրոյթները, կատարել կրօնական ծէսերը, նոյնիսկ սեփական բանակ ունենալու իրաւունքը: (Յօդուածագիրը անպայման ի մտի ունի Թ.Ռշտունի-Մուա'ուիյի միջեւ կնքուած դաշինքը: Ս.Օ.)

Հակառակ հայ ժողովուրդին հետ պատահած բազմապիսի արհաւիրքներուն և կրած անմարդկային տառապանքներուն իր ողջ պատմութեան ընթացքին, այս ժողովուրդը կրցած է տէր կանգնիլ, պահել ու պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը, պապենական աւանդոյթները և ազգային ինքնութիւնն ու սկզբունքները: Իսկ սփիւռքահայերու մասին, Էլ-Բէյդանին նախ արաբ ընթերցողին կը բացատրէ «սփիւռք և սփիւռքահայութիւն» բառերու նշանակութիւնը - Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ժառանգները, կը նշէ որ վերջիններս իրենց հայրենիքէն բռնագաղթուելէ ետք, ուր որ ալ հանգրուանած են, կառուցած են ազգային դպրոցներ նոր սերունդին ուսուցանելու իրենց պապերու լեզուն և աւանդոյթները:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն՝ փրօֆ. Աշոտ Մելքոնեանին հետ զրուցելու ընթացքին, ան շեշտեց, որ թերեւս այն բոլոր փորձութիւններու ընդմէջէն անցնելով է որ հայ ժողովուրդի համար կենսական է ամէն գնով պահել ու պահպանել իր ազգայյին ինքնութիւնը, քանի որ այն կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ: «Փրօֆ. Մելքոնեանը՝ իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ, բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է: Ան մասնագէտ է յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն և գիւղերուն պատմութեանը (որոնք այժմ կը գտնուին Թուրքիոյ պետութեան սահմաններէն ներս), բացի այն բազմաթիւ աշխատութիւնները՝ նուիրուած ցեղասպանութեան որուն ենթարկուած են իր ազգակիցները: Թերեւս իր ամենածանրակշիռ աշխատութիւններէն մէկն է «Էրզրում նահանգի հայ ազգաբնակչութիւնը 19-րդ դարի 1-30ամեակին»:

Փրօֆ. Մելքոնեանը ենթակայական մօտեցում ունի որեւէ պատմական դէպք կամ իրավիճակ լուսաբանելուն, հիմնուելով նախ և առաջ փաստա-վաւերագրական տուեալներու վրայ ի պաշտպանութիւն իր կողմէ ներկայացուած նիւթին: Ան վստահ է, որեւէ փաստարկ հարկաւոր է նախ ապացուցել վերլուծութեամբ և քննադատութեամբ, որը պատմաբանի մը համար հիմք կը ծառայէ իր ունեցած փաստերը և վաւերագիրները համոզիչ կերպով ներկայացնելու ուսումնասիրողին կամ ընթերցողին»:

Յարգարժան Փրօֆեսորը կը նկատէ նաեւ, որ Հայաստանը իր բովանդակ պատմութեան ընթացքին անցած է բազմապիսի փորձութիւններով, որու ընթացքին ենթարկուած է ժողովրդագրական լուրջ փոփոխութիւններու, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումը և իր բնիկ տարրի անհետացումը: Ան կը կարեւորէ Հայաստանի և արաբական երկիրներու միջեւ փոխ-յարաբերութիւններու սերտացումը, վասնզի երկու կողմերն ալ կանգնած են նոյն վտանգներու առջեւ:

Կը թուի թէ բռնագաղթը և 1915 թուականի ցաւալի դէպքերու տեսարանները երբեք չեն ջնջուիր հայ ժողովուրդի յիշողութենէն և հանգիստ չեն տար անոնց, յատկապէս երբ մէկ միլիոն ու կէս իրենց ազգակիցները ջարդած դահիճները, այսօր կը մեծարուին և կը փառաբանուին թուրքերու կողմէն: Այս և այլեւայլ քաղաքական տարբեր պատճառներով հայերուն մօտ մտավախութիւն կ'առաջացնէ Թուրքիայի կողմէն նոր անխոհեմ քայլ առնելու իրենց նկատմամբ, նկատի ունենալով միջազգային հանրութեան լռութիւնը ի տես եզիդիներու, շաբաքներու, շի'ա թուրքոմաններու և Իրաքի ու Սիւրիայի քրիստոնեաներու հանդէպ գործադրուած հալածանքները, որը առիթ պիտի հանդիսանայ նոյնը կրկնուելուն ուրիշ երկիրի մէջ:

Ուշադրութեան արժանի է, որ անցեալ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդի հանդէպ գործադրուած ջարդերու, սպաննութիւններու  և բռնագաղթի շարժառիթը  եղած է կրօնը: Այսօր դարձեալ կրօնի անունով է որ Իրաքի և Սիւրիայի մէջ անմեղներ կը կոտորուին, և քանի որ անցեալին գործուած ոճիրը մնացած է անպատիժ, այն կրկնուելու հաւանականութիւնը աւելի մէծ է:

«Ես այժմ չեմ փափաքիր հայերու ցեղասպանութեան մանրամասներու մէջ մտնել, քանի որ այս յոյժ կարեւոր թեմային պիտի անդրադառնամ յետագային առանձին յօդուածով: Ամենայնդէպս, Ինչ որ ալ ըլլան դրդպատճառները, կարելի չէ արդարացնել այն ահաւոր ոճիրը, որը գործադրուեցաւ անզէն ժողովուրդի մը նկատմամբ և որու արդիւնքը եղաւ Արեւմտեան Հայաստանի, իր բնիկ ժողովուրդի հայրենազրկումը դարաւոր պապենական ծծնդավայր-հայրենիքէն: Այսօր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած են մի քանի յուշարձաններ և յուշակոթողներ, որոնք խօսուն վկաներն են ժամանակին այստեղ ապրող և արարող հայ ժողովուրդին, որոնք բնաջնջուեցան թուրքերու և իրենց դաշնակիցներու կողմէն: Շատ հաւանական է, որ այս և այլ պատճառներ, հայերը կը մղէ աւելի ու աւելի կառչած մնալ իրենց անցեալի պատմութեան, և այն փոխանցել գալիք սերունդներուն: Այս առաքելութիւնը կ'իրականացնեն բազմաթիւ մասնագիստացած ուսումնական կառոյցներ ինչպէս՝ Երեւանի պատմութեան ֆակուլտետ, Արեւելագիտութեան ֆակուլտետ, Պատմութեան ինստիտուտ, Արեւելագիտութեան ինստիտուտ, ուր կ'ուսուցանուին և կ'ուսումնասիրուին տարբեր մասնագիտութիւններ:

Հայաստան իմ այցելութեան ընթացքին, պատիւը ունեցայ նաեւ հանդիպիլ և զրուցել Արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն ակադեմիկոս թրքագէտ՝ փրօֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի հետ: Վերջինս  շեշտեց պատմութիւնն ուսումնասիրելու  կարեւորութիւնը, քանի որ անցեալի պատմութիւնը հայելին է ներկային: Պարոն Սաֆրաստեանը նոյնպէս կարեւորեց հայ-արաբական յարաբերութիւններու վերակենդանացումն ու աշխուժացումը:

Իսկ փրօֆ. Գուրգէն Մելիքեանը՝ ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆակուլտետի դեկանը, կը շեշտէ որ պատմութիւնը դէպքերու շղթայ է, անցեալը կապող ներկային, յաւելելով որ պատմութեան էջերուն ընդմէջէն կարելի է հասկնալ և գնահատել բոլոր դէպքերն ու ասոնց պատճառները և ըստ արժանւոյն գնահատելու զանոնք:

Իսկ պատմաբան Ս.Օհանեանի հետ զրուցելու ընթացքին, ան յայտնեց որ Հայ ժողովուրդը իր մասնագիտացած ակադեմիաներու և ֆակուլտետներու միջոցաւ չի բաւականանար միայն ի՛ր պատմութիւնը ներկայացնելու, այլ բոլոր ուսումնական ձեռնարկները կը ներառեն նաեւ յարակից և օտար երկիրներու պատմութիւնը և Ցեղասպանութեան հետեւանքով տարագրուած և սփիւռքացած հայ համայնքներու մասին տարատեսակ ուսումնասիրութիւնները, աւելցնելով որ Հայաստանի մէջ բոլոր ժամանակաշրջաններու պատմութիւնն ու պատմագրութիւնը կ'ուսուցանուի մանրամասն կերպով»:

 

 

Նյութը պատրաստեց Սեդա Օհանեանը

 

 

[1] Դօքթ. Էլ-Բէյդանին Իրաքի ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահն է և Իրաքի մէջ Քրդագիտութեան ինստիտուտի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ Միջազգային պատմաբաններու ասոցացիայի քարտուղարութեան անդամ: Յօդուածագիրը 2016-ի Հոկտեմբեր ամսուն այցելեց Երեւանի շարք մը կրթական և մշակութային կառոյցներ ներառեալ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան և Արեւելագիտութեան Ինստիտուտները: