Հովանաւորութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան և կազմակերպութեամբ Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութեան, դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 6 Հոկտեմբեր 2018-ին նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեայ տարեդարձին, Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ:
Դասախօսեց Հայաստանէն հրաւիրուած ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի աշխատակից՝ պ.գ.թ. Սեդա Օհանեանը, նիւթ ունենալով «Վանի 1918 թ. վերջին նահանջին նախադրեալները, Իրաքի մէջ ապաստան գտած հայ ժողովուրդի անցած ուղին և կանանց գործունէութիւնը համայնքի կայացման գործընթացին»:
Դասախօութեան ներկայ էր Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ և լիազօր դեսպան՝ պարոն Կարէն Գրիգորեանը իր համեստափայլ տիկնոջ հետ, հոգեւոր հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ և հայ հասարակութիւն: