Կազմակերպութեամբ Պաղտատի պետական համալսարանի Պատմութեան ֆակուլտետին, 2020 թ. Յունիս 19-ին տեղի ունեցաւ միջազգային հեռավար գիտաժողով, որուն թեման էր «Կրթութիւնը Իրաքի մէջ»:
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին գիտնականներ/հետազօտողներ աշխարհի տարբեր կողմերէն, ներառեալ Արցախի Հանրապետութենէն մէկ գիտաշխատող:
Գիտաժողովը բաժնուած էր 4 մասերու.
- Հին Ժամանակաշրջան
- Իսլամական Ժամանակաշրջան
- Նոր եւ Ժամանակակից շրջան
- Ելեքտրոնային Ուսուցման շրջան
Սոյն գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Սփիւռքի եւ Գաղթօճախներու բաժինէն պ.գ.թ. Սեդա Օհանեանը, հանդէս գալով «Իրաքի Հայկական Դպրոցները – պատմական ակնարկ» թեմայով, որ ընդգրկուած էր երրորդ՝ Նոր եւ Ժամանակակից շրջան» մասին մէջ: