14 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» աշխատութեան, որուն հեղինակն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի գիտաշխատող պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Նանի Գալուստեան:
Գիրքը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Ապա խօսք առաւ գիրքի հեղինակ պ․գ․թ․ Անի Ֆիշենկճեան։
18 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Շահան Ս․ Արք․ Սարգիսեանի, Հալէպի Ս․ Աստուածածնայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի գիտաշխատող պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեանի համանուն գիրքի շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը կատարեց Տ․ Տաթեւ աւագ քահանայ Միքայէլեան։ Հատորը ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան։
Ապա խօսք առաւ գիրքի հեղինակ պ․գ․թ․ Անի Ֆիշենկճեան։
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ թեմի առաջնորդ Տ․ Շահան Ս․ Արք․Սարգիսեան։ Պահպանիչով փակեց օրուան հանդիսութիւնը։