Հուլիսի 11-13-ին Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության Բիքֆայայի Ս. Աստվածածին վանքում (Լիբանան) կայացավ «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» խորագրով հավաքը Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ի նախագահությամբ և ՀՀ Սփյուռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանի, Հայաստանից ու Սփյուռքից ժամանած գիտնականների մասնակցությամբ։ Խորհրդաժողովի առաջին նիստում «Հայկական ինքնության ձևավորման ու զարգացման պատմափուլերը» զեկուցումով հանդես եկավ ՀՀ ԳԱԱ պատմության ինստիտուտի տնօրեն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնյանը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կազմակերպութեամբ Խորագիրով Հաւաք
Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած մտաւորականներու եւ գործիչներու, 11 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ սկսաւ «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով հաւաքը: Բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով ու վեհափառ հօր հայրապետական օրհնութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուանդ Փամպուքեան: Ան յայտնեց, որ երբ կը խօսի Սփիւռքի հայեցի դիմագիծին մասին, նկատի ունի դասական Սփիւռքը, որուն կազմաւորումը տեղի ունեցաւ առաւելաբար եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն շուրջ:
Ան մատնանշեց, որ այս Սփիւռքին չորրորդ սերունդը նոյն ձեւով չ՛ապրիր, ինչպէս առաջին սերունդը, բայց յատկանշական է անոր` ազգային պահանջատիրութեան մասնակից ըլլալու հոլովոյթը, բան մը, որ անցեալին կը պատկանէր միայն քաղաքական խաւին: Թուելով կարգ մը դժուարութիւններ, ինչպէս` հայերէն լեզուի տեղքայլը, ան յայտնեց, որ ներկայիս կը յարմարինք այս իրողութեան, եւ այդ պատճառով հայերուն «տունդարձ»ի գաղափարը աւելի դժուար կը դառնայ: Այսուհանդերձ, սակայն, Հայաստան-Սփիւռք ներկայ կապերը գնահատելով, պատմաբանը յայտնեց իր լաւատեսութիւնը, թէ երբ տեղ մը քանդուի, ուրիշ տեղ մը կը ծաղկի: Փամպուքեան ակնարկեց նաեւ միացեալ ուղղագրութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ մեր կողմէ դաւանափոխ հայերը ընդունելու անհրաժեշտութեան:
Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ հիմնական նկատեց ազգային ինքնութեան եւ հայկական ինքնագիտակցութեան կարեւորութիւնը: Ան հայկական ինքնութեան խնդիրը ռազմավարական նկատեց եւ դիտել տուաւ, որ անիկա միշտ փոփոխութեան ընթացքի մէջ է ու բազմաշերտ է: Հայկական ինքնութեան առանձնայատկութիւններուն մասին խօսելով` նախարարը ըսաւ, որ անիկա հիմնուած է ցաւի ու տառապանքի վրայ: Հայկական Սփիւռքը աշխարհի միւս սփիւռքներուն կողքին ամէնէն տարածուածն է, աւելցուց ան` շարունակելով, որ այս մէկը Սփիւռքը դարձուցած է բազմամշակոյթ, ուստի` բազմաթիւ ինքնութիւններու տէր: Անդրադառնալով ծպտեալ հայերուն, նախարարը յայտնեց, որ նախարարութիւնը առանձին դրոյթով եւ պետական մակարդակով կը մօտենայ անոնց:
Հայկական ինքնութեան մէջ խորանալով` նախարարը խօսեցաւ խառն ամուսնութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, գիտակցօրէն հայկականութենէն հեռու ապրող հայերուն, աշխարհաքաղաքացի ըլլալ ուզողներուն, իսլամացած հայերուն, ինչպէս նաեւ իրենց արմատներուն վերադառնալ փափաքող հայերուն մասին: Ասոնց դիմաց ան կարեւորեց հայ մնալու երաշխիքները` եկեղեցի, դպրոց, պատմական յիշողութիւն, ընտանիք, աւանդութիւններու պահպանում, ազգային եւ մշակութային կառոյցներ, մամուլ, հայկական խորհրդանիշներ, անկախ Հայաստան ու Արցախ:
Եզրափակելով իր խօսքը նախարար Յակոբեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հայ երիտասարդին համար գրաւիչ դարձնել հայկական ինքնութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը, որպէսզի անոնց համար Հայաստանը դառնայ տուն եւ ոչ թէ պատմական հայրենիք: Ան ըսաւ, որ հիմնական խնդիրը հայրենադարձութիւնն է:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս նիստին աւարտին խօսք առնելով նախ անդրադարձաւ նման համագումարի կազմակերպման կարեւորութեան` դիտել տալով, որ անիկա հաւաքական ճիգ մըն է` տարբեր փորձառութիւններ, տագնապներ եւ հայեցակէտեր բաժնեկցելու` հեռու վիպապաշտական մօտեցումներէ, իրատեսութեան վրայ խարսխուած: «Մեր նպատակը հաստատումներ կատարել չէ, այլ` առաջին, պատմական խորքը դիտելով, Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութեան ու ինքնաարտայայտութեան պարզած ներկայ պատկերին քննարկումն է` իր դրական ու բացասական երեսներով, եւ երկրորդ, սոսկ նկարագրականէն անդին, ինքնութեան նոր մօտեցումներու, նոր չափանիշներու, նոր սահմաններու ու սահմանումներու որոնումն է», հաստատեց կաթողիկոսը: Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան մէկ դար հայ մնալու պայքարի պատմութեան` կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ տարբեր պատճառներով ու այլազան հանգամանքներու բերումով այսօր Սփիւռքի պայքարելու տոկունութիւնը սկսած է հետզհետէ տեղի տալ: Այս պարունակին մէջ ալ, ինքնութիւնը կազմաւորման ու զարգացման մնայուն ընթացք նկատելով, Արամ Ա. Հայրապետ հաստատեց, որ ժամանակի ու պայմաններու բերումով այդ ընթացքը կրնայ փոխուիլ, սակայն միջուկը կը մնայ նոյնը, «եթէ միջուկը փոխուի, ինքնութիւնը կը փոխուի»:
Ան աւելցուց, որ հայուն ինքնութիւնը կազմաւորող հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը. «Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառել իրենց ներուժը` հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն: Ամբողջական Հայաստանի տեսիլքը, որ դարձաւ ինքնութիւն ամրացնող հզօր գաղափարախօսութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերստեղծումով սկսած է Սփիւռքի հայու կեանքին մայր էջէն հեռանալ», դիտել տուաւ ան` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ հայաստանեան եւ խորհրդային սփիւռքները, անոնց ինքնութեան տարբեր շեշտաւորումներով ու արտայայտութիւններով օժտուած ըլլալը, ինչ որ կը ստեղծէ քաոսային վիճակ եւ ահաւոր ու տագնապալի կացութիւն: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սփիւռքի տարածքին ինքնաճանաչման տարբեր կերպերու ու ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւններու, որոնք համահայկական լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը դնեն մեզ:
Ապա վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն խօսեցաւ սփիւռքահայուն ինքնութեան դիմագրաւող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին` մատնանշելով, որ հողը, լեզուն, ինքնաճանաչումը, պատկանելիութեան զգացումը, խորհրդանիշներուն եւ տիպարներուն ներկայացուցած արժէքը, քննական երկխօսութեան եւ ներդաշնակ յարակցութեան գոյութիւնը, ազգային գաղափարախօսութեան առկայութիւնն ու պահպանումը առանցքային դերակատարութիւն ունին այս առումով: Ապա ան մատնանշեց, որ այսօր ինքնութեան տարբեր ըմբռնումներ կան մեր իրականութեան մէջ եւ հարցական է, թէ ասոնք ինչպէ՛ս կարելի է համադրել եւ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ինչպիսի՞ մօտեցում ցուցաբերել:
Իր խօսքը եզրափակելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս անհրաժեշտ նկատեց ինքնապաշտպանութեան մեր զէնքերու վերանորոգութիւնն ու արդիականացումը. «առաջին, մեր գաղութներու կեանքին կազմակերպչական ուժականութիւն ու կենսունակութիւն տալով, երկրորդ, ինքնաճանաչման ազդու մեթոտներ ու ուղիներ ճշդելով եւ ինքնութեան նոր մոտելներ ու չափանիշներ որոնելով, երրորդ` Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը վերստեղծելով ու ինքնագիտակցութիւնը ամրապնդելով` համահունչ տուեալ միջավայրին ու ներկայ պայմաններուն»:
«Պատմական ակնարկ» խորագիրով Ա. նիստին հանդէս եկան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Սեդա Տատոյեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:
Առաջին զեկուցաբեր փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ հայկական ինքնութեան կազմաւորման հոլովոյթը` սկսելով Ք.ա. Բ. դարէն, Արտաշէս Ա.-ի ժամանակաշրջանէն, ու հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացումը բաժնեց չորս փուլերու` հայ ինքնութեան կայացման ժամանակաշրջան, այսինքն հայկական վաղ պետականութեան կազմաւորում, չորրորդ դարուն ընթացքին հզօր ինքնութեան պահպանման ժամանակահատուած, եկեղեցւոյ ազգային դառնալու դէպք, Անիի անկումէն ետք արտագաղթ, 16-րդ դարուն թուրք-պարսկական ապա ռուսական տիրապետութեան տակ ըլլալու հետեւանքով ինքնութեան փոփոխութիւն: Մելքոնեան խօսեցաւ ցեղասպանութեան, ապա Հայաստանի պետականացման լոյսին տակ փոփոխութեան ենթարկուած ինքնութիւններու մասին:
Երկրորդ զեկուցաբերը` փրոֆ. Տատոյեան լուսարձակի տակ առաւ Կիլիկիոյ մէջ ինքնութեան հարցը` զայն տեղաւորելով պատմական շրջագիծի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ հարկ է պատմութեան նայիլ, որպէսզի կարենանք ներկան վերլուծել ու յայտնեց, որ Կիլիկիան ո՛չ Հայաստան էր, ոչ ալ Սփիւռք, այլ մեծաւ մասամբ հայաբնակ էր մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն: Տատոյեան առաջարկեց գործնական քաղաքականութեամբ նայիլ Կիլիկիոյ պատմականին, ուր գոյութիւն ունէր հանդուրժողական ոգի, դիւանագիտական փորձառութիւն, որոնք հայկական ինքնութեան կազմաւորման մէջ դերակատար էին:
Երրորդ զեկուցաբերն էր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ հանդէս եկաւ Սփիւռքի պատմական ակնարկով: Ան ըսաւ, որ Սփիւռքի հիմնական խնդիրը ինքնաճանաչման խնդիրն է, որ ներկայիս կը գտնուի նոր հորիզոններու դիմաց: Ան սահմանեց Սփիւռք հասկացողութիւնը եւ շեշտեց, թէ Սփիւռքը ինքնահասկացողութեան համար կարիք ունի նոր բառամթերքի եւ ախտաճանաչման` դիտել տալով, որ մինչեւ 1960-ականներ Սփիւռքի կազմակերպման եւ նորահաս սերունդներու ազգապահպանման, հայախօսութեան եւ հայ մշակոյթի կայացման շուրջ կը դառնար հայ ազգային ինքնութիւնը: Խորհրդային Հայաստանի ժամանակ ներգաղթողները իբրեւ «ախպար» նկատելու մօտեցումը աւելի ուշ փոփոխութեան ենթարկուած է, ուրեմն իր հունը գտած է շնորհիւ Սփիւռք – Հայաստան ներկայ յարաբերութեան:
«Ինքնութեան յատկանիշներ» խորագիրով Բ. նիստին հանդէս եկան Միհրան Քիւրտօղլեան (լեզու), Վարուժան Արք. Հերկելեան (կրօն), Խաչիկ Տէտէեան (մշակոյթ), Սեդա Խտըշեան (ընտանիք) եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (իր բացակայութեամբ) (գաղափարախօսութիւն):
Քիւրտօղլեան ընդգծեց, որ լեզուն կաղապարուած չի կրնար ըլլալ, այլ միշտ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, իսկ հիմնական խնդիրը հայկական լեզուամտածողութիւնն է: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայախօսութեան եւ հայակրթութեան տարբերութիւնը` յայտնելով, որ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է եւ ներկայիս լեզուն ինքնութեան հիմնական տարր ըլլալու իրականութիւն մը չի ներկայացներ: