Տեղի ունեցաւ գիտաժողով

Կազմակերպութեամբ Իրաքի Քիւրտիստանի Ամերիկեան Համալսարանին և  հովանաւորութեամբ Եւրոպայի Խորհրդարանի Սոցիալիստներու  և Դեմոկրատներու Յառաջդիմական Դաշինքի խմբակցութեան,  Հոկտեմբեր 12-13-ին տեղի ունեցաւ գիտաժողով «Իսլամական Պետութենէ Ետք –Իրաքի Փոքրամասնութիւնները, Կրօնական բազմազանութիւնը և Եզիդիներու, Քրիստոնեաներու, Շաբաքներու, Եարսաններու, Մանդա'իներու  և ուրիշ կրօնական փոքրամասնութիւններու ապագան» - (Beyond ISIS: Minorities and Religious Diversity in Iraq and the future of Ezidi, Christians, Shabak, Yarsan, Mandeans and other religious minorities) խորագրով:

Գիտաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Պատմութեան Ինստիտուտի գիտաշխատող` պ.գ.թ. Սեդա Օհանեանը «Իրաքի Հայերը» - (Armenians of Iraq) թեմայով, ներկայացնելով Իրաքահայ գաղութը տարբեր ժամանակաշրջաններուն, կեդրոնանալով յա՛տկապէս 20-րդ դարու Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Վասպուրականի և յարակից շրջաններէն Իրաք ապաստանած հայ ժողովուրդի անցած ուղիի և յետագայ գործունէութեան մասին:

Ուշադրութեան արժանի է, որ շուտով գիտաժողովի բոլոր զեկոյցները պիտի հրատարակուին առանձին հատորի մը մէջ: