04.10.2018 թուականին նախաձեռնութեամբ Իրաքցի պատմաբան Տօքթ. Ջըուադ Էլ-Բէյդանիին և կազմակերպութեամբ՝ Պաղտատի Թանգարանի տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ Պատմութեան ինստիտուտի աշխատակից՝ Սեդա Օհանեանի դասախօսութիւնը (արաբերէն) սոյն թանգարանի պատմական դահլիճներէն միոյն մէջ և ներկայութեամբ Իրաքցի արաբ մտաւորականութեան ընտրանիին:
Սեդա Օհանեանի դասախօսութեան նիւթն էր՝ «Հայերու ներկայութիւնը Իրաքի մէջ տարբեր Դարաշրջաններուն»: Առ ի գնահատանք՝ Սեդա Օհանեանը, ինչպէս նաեւ Դոքտոր Էլ-Բէյդանին, Թանգարանի տնօրէնութեան կողմէն պարգեւատրուեցան 19-րդ դարու Իրաքցի հեղինակաւոր բանաստեղծ և հասարակական գործիչ՝ Էլ-Մուլլա Աբբուդ Էլ-Քըրխիի քանդակով: