Մեծայարգ Պրն․ Մելքոնեան,
Երէկուայ ՍԴՀԿ "Տխրունի" ուսանողական-երիտասարդական միութեան կողմէ ԳԱԱ Պատմ․ Ինստիտուտի շէնքին առջեւ կատարած բողոքի ցոյցը անընդունելի ըլլալու չափանիշի մը սահմաններէն դուրս կը գտնուի։ Բոլոր չարութիւններուն մայրը տգիտութիւնն է, պիտի ըսէր մեր դասական մատենագրութիւնը։ Գռեհկութիւնն ալ բաղադրիչներէն մին է այս տգիտութեան։ Հիմա, որ ամէն ոք Աստուածաշունչը թեւին տակ դնելով հաւատք կը ծախէ, նոյնպէս պատմագիտութեան մէջ ամէն ոտաբոբիկ անձ հրապարակ դուրս եկած պատմութիւն կ'ուսուցանէ։ Ասոնց հասցէին մեր մեծն Տաթեւացին պիտի ըսէր․ "Որ ոչ գիտէ. եւ գիտէ որ ոչ գիտէ, բայց սնափառ հպարտութեամբն լլկի եւ յանդգնի խօսիլ զոր ո՛չ գիտէ։ Այսպիսինտգէտ եւ լիրբ է. փախիր ի նմանէ ճշմարիտ"։