Հիշատակի միջոցառում՝ նվիրված Հայ Կարօտելոց Խնամակալությանը

Հունվարի 13-ին Լոս-Անջելեսում Հայ-օգնության միավորության Արևմտյան Ամերիկայի շրջանային վարչության հովանավորությամբ կազմակերպվել էր մշակութային միջոցառում նվիրված Իրաքի Հայ Կարօտելոց Խնամակալության հիշատակին։ ՀՀ ԳԱԱ պատմության ինստիտուտի գիտաշխատող Սեդա Օհանյանը ևս մասնակցեց միջոցառմանը՝ հանդես գալով «Իրաքահայ կանանց բարեսիրական գործունեությունը» թեմայով բանախոսությամբ։

 

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ նախկին իրաքահայերու խմբակի մը, Յունուար 13, 2018ին տեղի ունեցաւ յիշատակութեան երեկոյ մը, Կլենտէյլի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, նուիրուած Իրաքի Հայ Կարօտելոց Խնամակալութեան, որ գործած էր Իրաքի մէջ՝ ՀՕՄի համաշխարհային կառոյցին մաս կազմելով:

Արդէն սովորութիւն դարձած է այս խմբակին համար ամէն տարի վերյիշել եւ պատուել իր գաղութի ազգային-կրօնական հաստատութիւններէն կամ միութիւններէն մէկուն երկարամեայ գործունէութիւնը ու ձգած անջնջելի իրողութիւնները գաղութէն ներս. իսկ այս տարուան յիշատակութեան երեկոն նուիրուած էր Իրաքի Հայ համայնքի ամէնէն ժիր կազմակերպութիւններէն՝ Հայ Կարօտելոց Խնամակալութեան ծանօթացման եւ անոր անձնազոհ անդամուհիները պատուելուն, յուսալով, որ անոնք, որոնք ներկայիս Ամերիկա հաստատուած են, դարձեալ իրենց անխոնջ ու անդուլ գործով շարունակեն մասնակցութիւն բերել շրջանիս ՀՕՄի մասնաճիւղերուն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Իրաքի Ազգային իշխանութեան ներկայի եւ նախկին վարչականներ: Նաեւ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ ՀՕՄուհիներ, Իրաքի ՀԲԸՄի եւ Հայ Կարօտելոց Խնամակալութեան անդամուհիներ, որոնք սրահի մուտքին դիմաւորուեցան սպիտակ մեխակներով:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ խմբակին աջակցող ՀՕՄուհի Արուս Մելքոնեանի հանդիսավարութեամբ: Բացումը կատարուեցաւ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի կողմէ՝ աղօթքով, ապա վայրկեան մը յոտնկայս յարգելով հանգուցեալ անդամուհիներու թարմ յիշատակը։ Սարկաւագը խօսք առնելով՝ յիշատակեց Արամ Ա. վեհափառի խօսքերէն հետեւեալը. «Չմոռնանք երբե՛ք, որ հայ մայրը եկեղեցի՛ դարձաւ հոն, ուր եկեղեցի չունեցանք, դպրո՛ց դարձաւ հոն, ուր դպրոց չունեցանք, հայրենի՛ք դարձաւ, երբ հայրենիք չունեցանք։ Նո՛յնը կոչուած է ըլլալ հայ մայրը՝ այսօր ու միշտ: Ա՛յս է հայ մօր հարազատ կոչումը: Դիւրին չէ մայր ըլլալը. դիւրին չէ մանաւանդ՝ հա՛յ մայր ըլլալը»: Հանդիսավար Ա. Մելքոնեան, իբրեւ նախկին իրաքուհի՝ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դեռ լաւ կը յիշեմ անցեալին դաժան պայմաններու ընթացքին իրաքահայ կնոջ պայքարը, ո՛չ միայն գոյատեւելու, այլեւ գործելու ամենանեղ պայմաններու ու միջոցներու ներքեւ», ապա արտասանեց բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանէն հետեւեալը.

«Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին,

Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,

Գոյամարտին մէջ սրբազան մեր դատին՝

Ձեզ կը բերենք հայ կնոջ սիրտը ոսկի»:

Գեղարուեստական յայտագիրի բաժինին, դաստիարակ Շաքէ Ազիզեանի ուսուցումներով՝ պատանի-պարմանուհիներ արտասանեցին հետեւեալ կտորները. Մարիամ Յակոբեան՝ «Մայրավէպ» (Ժագ Ս. Յակոբեան), Նայիրի Մանուկեան՝ «Մայրեր» (Երուանդ Բազէ), Փաթիլ Արապեան՝ «Մայրերին» (Գեղամ Սարմեն), Քրիստինէ Յովսէփեան՝ «Մայրս» (Յովհ. Շիրազ) եւ Յակոբ Արապեան՝ «Մայր Սրբութիւն» (Արշալոյս Սարոյեան): Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը օրուան առթիւ, պատրաստուած՝ դոկտ. Վեհունի Մինասեանի եւ Արշամ Հայրիկեանի կողմէ, իսկ Յակոբ Յովսէփեան մեներգեց «Ով Հայոց Կանայք»ը (Խօսք՝ Արամայիս Սահակեանի եւ երաժշտութիւն՝ Ալեքսէյ Հէքիմեանի), ընկերակցութեամբ Րաֆֆի Նազարեանի՝ երգեհոնի վրայ:

Օրուան բանախօսն էր վերոնշեալ միութեան անդամուհի, այժմ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ գիտաաշխատող դոկտ. Սեդա Օհանեան, որ ներկաներուն իրաքահայ կանանց բարեսիրական գործունէութիւնը ծանօթացուց՝ խտասալիկներու ցուցադրութեամբ:

Ան նախ պարզեց իրաքահայութեան կազմութիւնը 20րդ դարուն, ապա ըսաւ. «Օժտուած հայուն բնատուր ստեղծագործ տաղանդով, փիւնիկի պէս կրկին վերակենդանանալով՝ բազմիցս կոտորակուած այս ժողովուրդը լծուեցաւ գործի, ունեցաւ տուն-տեղ, ազգային եկեղեցի, վրաններու փոխարէն՝ քարակերտ, լուսաւոր ու կանոնաւոր դպրոցներ, հասարակական բեղուն գործունէութիւն, չմոռնալով նաեւ իր շօշափելի ներդրումը բերել հիւրընկալ երկրին՝ իմա՛ նորանկախ Իրաքի վերելքի գործընթացին: Ի պատիւ հայ ազգին, պէտք է հպարտութեամբ ըսել, որ այս ժողովուրդը ոստի մը կառչելով՝ կրցաւ վերակազմուիլ, ապրիլ, տեւել ու ցոյց տալ մշտանորոգ եւ յարատեւելու անվկանդ կամք ու անվհատ հոգի՝ արժանանալով զինք հիւրընկալող ժողովուրդին եւ իրերայաջորդ իշխանութիւններուն անվերապահ հիացմունքին»:

Ան յիշեց, թէ «հայ իրականութեան մէջ եղած են բազմաթիւ յուսահատութիւններ եւ հիասթափութիւններ, բայց եղած են նաեւ, փա՜ռք Աստուծոյ, լուսաւոր եւ յուսատու երեւոյթներ: Վստահաբար կարելի է ըսել, որ Իրաքի Հայ Կարօտելոց Խնամակալութիւնը այդ յուսադրող եւ պայծառ երեւոյթներէն մէկն էր: Հետեւաբար, պատահական չէ, որ Հայաստանի մէջ 2003ին լոյս տեսած «Հայ Սփիւռք Հանրագիտարանը» դիպուկ կերպով կը բնութագրէ զայն՝ իբրեւ Իրաքահայ գաղութի ամէնէն ժիր կազմակերպութիւնը: Կարօտելոցը կոչուած էր համայնքային մեր կեանքին մէջ ազգապահպանման նշանակալի դեր կատարելու եւ այդ ուղղութեամբ մատաղ սերունդին ներշնչելու ազգային աւանդական արժէքներ, պարմանուհիներէն պատրաստելու նուիրեալ հայ մայրեր, որոնց սրբազան պարտականութիւնը պիտի ըլլար օտարութեան գայթակղիչ պայմաններուն հակադրուիլ, զաւակները հայօրէն դաստիարակել՝ չմոռնալով նաեւ տուեալ երկրի օրինակելի քաղաքացիի բոլոր պարտականութիւնները, մի՛շտ նշանաբան ունենալով՝ «Հայ մանուկին առաջին դպրոցը հայ մա՛յրն է»»:

Ապա միութեան հիմնադրութեան մասին խօսելով՝ բանախօսը ըսաւ. «Գաղթականութեան Իրաք ժամանման առաջին օրէն իսկ, Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը սերտ կապեր կը հաստատէ Միջագետքի Հայ Գաղթականութեան կոմիտէի նախագահ Լեւոն Շաղոյեանի հետ, եւ Իրաք կը հասցնէ հարկ եղած օգնութիւնը՝ մինչեւ 1927 թուական, երբ Իրաքի մէջ կը հիմնադրուի Հայ Գթութեան Խաչի անդրանիկ մասնաճիւղը: Իսկ 1930ին, անիկա պաշտօնապէս կը վաւերացուի Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ՝ «Իրաքի Հայ Կարօտելոց Խնամակալութիւն» անուան տակ»:

Դոկտ. Սեդա Օհանեան աւելցուց. «Այս կազմակերպութեան արժէքը միայն իր նիւթական օժանդակութեան մէջ չէր կայանար: Վասնզի մեծ էր իր դերը մեր համայնքին մէջ՝ իր բարոյական եւ ազգապահպան դաստիարակչական գործունէութեամբ: Կարօտելոցի մասնաճիւղերը իրենց տուած դասախօսութիւններով, հանդէսներով եւ այլ կրթական ձեռնարկներով մեր գաղութին մէջ ստեղծած էին ազգային եռուն, բեղմնաւոր ու հաճելի մթնոլորտ»:

Յարգելի բանախօսը պարզեց նաեւ Հայ Կարօտելոց Խնամակալութեան տարած աստուածահաճոյ գործունէութիւնը՝ յատկապէս տարագիր ընտանիքներու նիւթական եւ առողջական օգնութիւն ու անոնց զաւակներուն կրթութիւն ապահովեկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած մեծ օժանդակութիւնը անցած դարու 50ական թուականներուն Իրաքի մէջ պատահած ողողումներէն տուժածներուն՝ ըլլան անոնք հայ թէ արաբ, անխտի՛ր:

Ան շեշտեց, որ «Կարօտելոցի աշխատանքները երբեք չեն սահմանափակուած Իրաքի ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած նուիրուածութեամբ, այլ տարածուած են երկրի սահմաններէն դուրս: Այդպէս, հակառակ իր կրած մասնաւոր կոչումին, օրուան պահանջին ընդառաջելով, երբ 1948ին տեղի ունեցած պաղեստինեան յայտնի աղէտալի դէպքերուն իբրեւ հետեւանք հազարաւոր պաղեստինցի կարօտեալներ մնացած էին անտուն ու անտէր, Կարօտելոցը իր ամոքիչ ձեռքը մեկնած է անոնց եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ապահոված զանոնք հագուստեղէնով, սպիտակեղէնով ու սննդամթերքով»:

Բանախօսութեան աւարտին, Շաքէ Պարսումեան մեներգեց «Անուշիկ քոյրիկ»ը, երգեհոնի վրայ Րաֆֆի Նազարեանի ընկերակցութեամբ. ապա խօսք առաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Թուլումեան:

Ընկերուհի Թուլումեան իր խօսքը սկսաւ ըսելով, որ «ՀՕՄը, հայ ժողովուրդի մութ ու մռայլ օրէրէն ծնունդ առած այս կազմակերպութիւնը, համակ նուիրումի եւ անխոնջ աշխատանքի իր վաստակով՝ օրհնութիւն եւ բարիք եղաւ մեր ժողովուրդին, ի սփիւռս աշխարհի: ՀՕՄը սոսկ կանացի կազմակերպութիւն մը չէ, այլ՝ հայու ամէնօրեայ եւ բազմաճակատ գոյապայքարի գուպարին մէջ զինուորագրուած նուիրեալ կանանց մեծաթիւ բանակ: ՀՕՄը այն կազմակերպութիւնն է, որուն կը հանդիպինք ամէն տեղ, մեր հանրային կեանքին մէջ եւ մեր շուրջը: Որովհետեւ, փոխանակ կնոջական հարցերու մասին խօսող ու մտածող կազմակերպութիւն մը ըլլալու, անիկա հայ կնոջ ձիրքերն ու կարողութիւնները զարգացուցած է, ի սպաս մեր ժողովուրդի բարօրութեան»:

Ապա անդրադառնալով օրուան ձեռնարկին՝ ըսաւ. «Ձեռնարկները լաւագոյն առիթներն են արժեւորելու նուիրեալի մը վաստակն ու դերակատարութիւնը, որպէսզի ան խթանիչ ուժ հանդիսանայ յաջորդող սերունդներուն՝ միեւնոյն թափով եւ օրուան պահանջները ներկայացնող պայմաններու տակ շարունակելու աշխատանքը»: Իր խօսքի աւարտին, Մարալ Թուլումեան ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով սոյն ձեռնարկը ընթացք առած է:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան, կազմակերպիչ խմբակին կողմէ խօսք առաւ դոկտ. Վեհունի Մինասեան եւ ըսաւ. «Իրաքի հայ կանանց երկարամեայ պատմութիւնը վկա՛յ է, որ հայ կինը իր գաղութին մէջ եւս փորձած է նուիրումի, պարտականութեան, գիտակցութեան եւ զոհաբերութեան ոգիի չափն ու թափը լիովի՛ն իրագործել: Անմրցելի է հայ կինը՝ իր գորովին ու գուրգուրանքին մէջ, հանդէպ իր զաւակը, հանդէպ իր երդիքը, իր ազգն ու հայրենիքը: Անմրցելի է իր նուիրումը՝ ազգի սրբութեանց պահպանման: Հայ կնոջ համար չկայ աւելի աստուածահաճոյ ծառայութիւն, քան խոնարհ ու չքաւոր բազմութեանց արցունքները սրբելու ծառայութիւնը»:

Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Անձնուէր, բարեգութ, հայրենասէր մայրե՛ր ու քոյրե՛ր, որոնց գերագոյն երջանկութիւնն էր հայ երեխային ու հայ կարօտեալին թիկունք ըլլալու մտահոգութիւնը…, կը խոնարհի՛նք ձեր բոլորին առաջ»:

Փակման խօսքով, հանդիսավարուհին կազմակերպիչ խմբակին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան՝ Հայ կեդրոնի սրահը սիրայօժար տրամադրելուն, եւ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանայինի վարչութեան՝ ձեռնարկը հովանաւորելուն համար:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներն էին՝ Վարանդ Մարգարեան, Շաքէ Ազիզեան, դոկտ. Վեհունի Մինասեան, Րաֆֆի Կարապետեան, Նազար Օհանեան, Վաղենակ Վահանեան եւ Վահէ Հայրիկեան:

Կ՛արժէ յիշել, որ սրահի մուտքին, արխիւային պատկերներու ցուցադրութիւն մը պատրաստուած էր Նազար Օհանեանի կողմէ:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ ճոխ հիւրասիրութեամբ:

 

Նյութի աղբյուրը՝ http://asbarez.com