Երեքշաբթի 17 Յուլիս 2018 թ. Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն՝ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի մէջ Քրդական Ուսումնասիրութիւններու Ինստիտուտի տնօրէն դօքտ. Ջուադ Էլ-Բէյդանին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելութեան կուգար Հայաստան: Ողջոյնի խօսքեր փոխանակելէն ետք, քննարկուեցան շարք մը խնդիրներ, որոնք կը հետաքրքրեն երկու կողմերուն հաւասարապէս: Զրոյցին ներկայ էին Պատմութեան ինստիտուտի աշխատակից Սեդա Օհանեանը և Իրաքահայ պատմաբան Արա Աշճեանը:






